ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, Շաբաթ, 31 Մարտ 2012-ին, Մոն Լա Սալի մէջ,մասնակցեցաւ Լեռնալիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին։ Ճեմարանի խմբակը ներկայացուց Արա Գէորգեանի երաժշտութեամբ պար մը եւ գրաւեց երկսեռ փոքրերու արտայայտչական պարի խմբաւորման առաջին դիրքը։ Աշակերտները շնորհիւ իրենց կատարողութեան եւ…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մարտ ամսուն, ամէն տարիներու նման եւ սիրայօժար կերպով, Ամերիկեան Համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի դասախօսներէն Թամար Հաշէօլեան սեռային դաստիարակութեան տարբեր հանդիպումներ կազմակերպեց դպրոցիս 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններուն համար։ Այս հանդիպումներուն նպատակն էր՝ նախ սեռային դաստիարակութեան տարբեր երեսներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցել արբունքի ընթացքին մէջ գտնուող մեր աշակերտներուն, ապա խմբական աշխատանքներու…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ «ՊԱՏԱՆԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ»ՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ (exposition des projets de science)

2012-ի Մարտ ամսուան ընթացքին, Դ., Ե., Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները գիտական խոյզեր կատարեցին, իրենց գիտութեան դասատուներուն հսկողութեամբ։ Անոնք սորվեցան, թէ ի´նչ է գիտական մեթոտը եւ թէ խուզարկող միտքը ի´նչպէս պէտք է ծրագրաւորէ իր փնտռտուքին տարբեր հանգրուանները՝ արդիւնաւէտ եւ շօշափելի փաստարկումներ գտնելու համար։ Գիտական մեթոտի զանազան հանգրուաններուն ծանօթանալով՝…

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 30 Մարտ 2012-ին Է. դասարաններու աշակերտները իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ վերակենդանացուցին լիբանանեան ֆոլքլորը Չալեան սրահին մէջ, ուր ցուցադրուած էին աւանդական ձեռակերտ իրեր, անօթներ, հին նուագարաններ, համրիչներ ու զարդեղէն։ Պատրաստուած էր նաեւ լիբանանեան զանազան ճաշատեսակներով հարուստ սեղան մը։ Ուսուցչուհին ու աշակերտները հագած էին լիբանանցիի աւանդական տարազներ։ Աշակերտները բեմականացուցին…

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՕՐ

Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2012-ին, Զ. դասարանէն 8 աշակերտներ մասնակցեցան մանուկներու իրաւունքներու օրուան առթիւ Վանայ Ձայնի կազմակերպած ուղղակի ձայնասփռումով յայտագրին։ Աշակերտները յայտագրի ընթացքին ներկայացուցին մանուկներու իրաւունքներու միջազգային պայմանագիրէն չորս նիւթերու վերաբերող իրենց շարադրած պատմութիւնները։ Անոնք ընտրած էին պայմանագիրի հետեւեալ նիւթերը. -Ծնողքի հոգատարութիւն -Կրթութիւն եւ ուսում -Ազատ ժամանակ, զբօսանք -Շահագործումէ…

«PORTES OUVERTES»

Չորեքշաբթի, 7 Մարտ 2012-ին Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները առիթը ունեցան առաւօտեան ժամը 8։00-ին իրենց զաւակներուն հետ մտնելու դասարան եւ դիտելու զանոնք իրենց առօրեայ աշխատանքին ընթացքին։ Ծնողները ներկայացուած դասապահը դիտելէ ետք, առանձին-առանձին հանդիպում ունեցան ուսուցիչներուն հետ։ Այս հանդիպումը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2012-ին Ժ. Եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան ուսման կողմնորոշման եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններու մասին դասախօսութեան մը, որ power point-ով ներկայացուեցաւ Ճեմարանի երկու շրջանաւարտներու՝ Սեպուհ Տօնիկեանի եւ Մհեր Գաւլաքեանի կողմէ։ Սեպուհն ու Մհերը անդամ են Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակի (ԶՈԳ)։ Անոնք մանրամասնօրէն խօսեցան համալսարաններուն մասնագիտութիւններուն…

Frankfurter Night

Շաբաթ, 24 Մարտ 2012-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան, տեղի ունեցաւ Frankfurter Night-ը, Ճեմարանի Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ: Վարչութեան անդամներուն կողմէ պատրաստուած Frankfurter-ը եւ գարեջուրը հրամցուեցան ներկաներուն, որոնք ուրախ ժամանակ անցուցին karaoke-ով եւ պարելով մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Ներկաները գոհ եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան Ճեմարանէն:

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2012-ին տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական Օր» մը, որուն մասնակցեցան Ճեմարանի բոլոր ուսուցիչներն ու գրասենեակային պաշտօնէութիւնը։ Օրը սկսաւ ժամը 8։00-ին, ընդհանուր ժողովով, որուն ընթացքին կատարուեցաւ արժեւորումը ցարդ կատարուած աշխատանքին եւ քննարկուեցան ուսումնական աշխատանքի կազմակերպման առնչուած ընդհանուր հարցեր։ Ընդհանուր ժողովէն ետք, կատարուեցաւ տարրական բաժինի նոր ուսուցչարանին բացումը։ Այս…

ՓՈՔՐԻԿ ՊԱՐՏԻԶՊԱՆՆԵՐ

Մարտ ամսուան ընթացքին, մանկամսուրի փոքրիկներուն կեդրոնական նիւթն էր «պարտիզպանին գործիքները»։ Անոնք դիտեցին գործիքները եւ սորվեցան համապատասխան բառամթերքը։ Պարտիզպանին աշխատանքին վերաբերող գիտելիքները ստանալէ ետք, փոքրիկները հողը փորեցին, հունտը ցանեցին, ապա ջրեցին։ Երբ հունտը ծիլ տայ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր աշխատանքին «բերքը» տուն պիտի տանի։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ

Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2012-ի առաւօտեան Ճեմարանի ԺԱ. Դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի եւ ուղղավարժ Մարիա Պիլէմճեանի։ Նախքան կեդրոն մեկնիլը, Մարիա Պիլէմճեան հակիրճ ձեւով աշակերտներուն ներկայացուց թերաճներու սահմանափակ կարողութիւնները, պատճառները եւ անոնց հոգատարութեան կարեւորութիւնը։ Աշակերտները դիմաւորուեցան Զուարթնոց կեդրոնի տնօրէնուհի Արաքսի Տապպաղեանի կողմէ, որ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Լ.Օ.Խ.ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2012-ի առաւօտեան ժամը 7։30-ին, Ժ. Դասարանի աշակերտները` ընկերակցութեամբ ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի, ուղղուեցան դէպի Լ.Օ.Խ.ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն, նպատակ ունենալով աշակերտները ծանօթացնել գաղութին մէջ գործող բարեսիրական միութիւններուն եւ փոխանցելու անոնց Լ.Օ.Խ.ի ունեցած կարեւոր դերը լիբանանահայ գաղութին մէջ։ Այցելութիւնը սկսաւ Կեդրոնի 4-րդ յարկի սրահէն, ուր…