ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Լ.Օ.Խ.ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2012-ի առաւօտեան ժամը 7։30-ին, Ժ. Դասարանի աշակերտները` ընկերակցութեամբ ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի, ուղղուեցան դէպի Լ.Օ.Խ.ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն, նպատակ ունենալով աշակերտները ծանօթացնել գաղութին մէջ գործող բարեսիրական միութիւններուն եւ փոխանցելու անոնց Լ.Օ.Խ.ի ունեցած կարեւոր դերը լիբանանահայ գաղութին մէջ։ Այցելութիւնը սկսաւ Կեդրոնի 4-րդ յարկի սրահէն, ուր տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, պատրաստուած Լ.Օ.Խ.ի 20 ամեակին առիթով։ Ապա Լ.Օ.Խ.ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնի տնօրէնուհի Սօսի Սաղըրեան աշակերտներուն ներկայացուց Լ.Օ.Խ.ի ընդհանուր գործունէութիւնը, յատկապէս՝ Կեդրոնի աշխատանքները։ Ան անդրադարձաւ նաեւ, որ առանց որեւէ խտրութեան ընդհանրապէս ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն օգուտ ունեցող այս կառոյցը, կանգուն կը մնայ շնորհիւ բարերարներու նպաստին։ Ապա ընկերակցութեամբ ընկերային ծառայողներ Վերժինի, Սոնայի եւ Շաղիկի, աշակերտները շրջեցան Կեդրոնի տարբեր բաժինները, ինչպէս՝ դեղարան, շտապ օգնութեան բաժանմունք, տարրալուծարան, բժշկական քննութեան բաժին, ատամնաբուժարան, եւայլն։ Աշակերտները ծանօթացան Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Թալին Գլպաշեանին, որ բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն ու խօսեցաւ Շրջանային Վարչութեան դերին մասին։ Ան նաեւ անդրադարձաւ այն կամաւոր աշխատանքին, զոր կը տանին շրջաններէ հայ կիներ, տարբեր մասնաճիւղերու մէջ, որոնք թիւով 26 են։ Ան աւելցուց, որ Լ.Օ.Խ. կապուած է Հ.Օ.Մ.-ի։ Աշակերտները հիւրասիրուեցան Կեդրոնին մէջ։ Վերադարձին, բոլորին աչքերուն մէջ կայծ մը կար, ինչպէս նաեւ՝ Լ.Օ.Խ.ի գործունէութեան օգտակար դառնալու խոստում մը։