ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2012-ին Ժ. Եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան ուսման կողմնորոշման եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններու մասին դասախօսութեան մը, որ power point-ով ներկայացուեցաւ Ճեմարանի երկու շրջանաւարտներու՝ Սեպուհ Տօնիկեանի եւ Մհեր Գաւլաքեանի կողմէ։ Սեպուհն ու Մհերը անդամ են Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակի (ԶՈԳ)։ Անոնք մանրամասնօրէն խօսեցան համալսարաններուն մասնագիտութիւններուն եւ կրթանպաստի դիւրութիւններուն մասին, ապա պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն։ Կեանքի նոր հանգրուանի մը սեմին գտնուող աշակերտներուն կողմնորոշման ու լուսաբանութեան համար շատ օգտակար դարձաւ այս հանդիպումը։