gantegh1959-60 տարեշրջանին, «չորրորդ դասարանի աշակերտները նախանձելով լսարանական միութեան հրատարակած «Ջահակիր» – ին «Կանթեղ»-ը կը փորձեն վառել, ջահին հասնելէ առաջ: «Յուզիչ ճիգեր են ասոնք գիրն ու գրականութիւնը սիրելու եւ անով խանդավառուելու»,- կ’ըսէ Ս. Վրացեան:

«Կանթեղ»ին մէջ կը գտնենք շարադրական փորձեր, դասարանային աշխատանքը ներկայացնող արձակ նկարագրութիւններ, բանաստեղծութիւններ, նաեւ սրամտութիւններ…

«Կանթեղ»ը կը հրատարակուի իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին Միջնակարգի աշակերտներուն կողմէ: