ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, Շաբաթ, 31 Մարտ 2012-ին, Մոն Լա Սալի մէջ,մասնակցեցաւ Լեռնալիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին։ Ճեմարանի խմբակը ներկայացուց Արա Գէորգեանի երաժշտութեամբ պար մը եւ գրաւեց երկսեռ փոքրերու արտայայտչական պարի խմբաւորման առաջին դիրքը։ Աշակերտները շնորհիւ իրենց կատարողութեան եւ համաչափ շարժումներուն անցան ախոյեանական հանգրուան, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 10 Ապրիլ 2012-ին։ Մրցանքին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները՝ Խաչատուրեան Միլա, Կիւլլիւճեան Արին, Միսիսեան Իզապէլ, Յովակիմեան Քրիսթին, Փափազեան Թամար, Գրիգորեան Անդրանիկ, Խաչատուրեան Ռուբէն, Հաճինեան Արմէն Կարօ, Նաճարեան Արման, Քէշիշեան Կարէն։