ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ
Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2026-ին, Լսարանական Միութեան առաջին հաւաքը սկսաւ Հայաստանի անկախութեան նշումով: Աւարտական դասարանէն խօսք առաւ Մեղրի Գասապեան եւ ըսաւ. «…Մենք՝ ըլլալով աշակերտները Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի տեսլականով հիմնուած Հա՛յ Ճեմարանին, շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն մը կը կրենք, պահպանելու համար մեր անկախութիւնն ու ինքնութիւնը: Ի՞նչ կրնանք…
