Frankfurter Night

Շաբաթ, 24 Մարտ 2012-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան, տեղի ունեցաւ Frankfurter Night-ը, Ճեմարանի Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ: Վարչութեան անդամներուն կողմէ պատրաստուած Frankfurter-ը եւ գարեջուրը հրամցուեցան ներկաներուն, որոնք ուրախ ժամանակ անցուցին karaoke-ով եւ պարելով մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Ներկաները գոհ եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան Ճեմարանէն: