ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ
Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2023-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ տոքթ. Արին Լոզոյեան այցելեց Նորսիկեան մանկապարտէզ: Արինին ցուցմունքներով, կապոյտ դասարաններու փոքրիկները սորվեցան, թէ ի՛նչպէս պէտք է խնամել եւ մաքուր պահել ակռաները:
Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2023-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ տոքթ. Արին Լոզոյեան այցելեց Նորսիկեան մանկապարտէզ: Արինին ցուցմունքներով, կապոյտ դասարաններու փոքրիկները սորվեցան, թէ ի՛նչպէս պէտք է խնամել եւ մաքուր պահել ակռաները:
Բնութեան մէջ դասաւանդումը կը բարելաւէ մտային զարգացումը, ինչպէս նաեւ՝ հաստատակամութեան, քննական մտածողութեան եւ հաղորդակցութեան կարողութիւնները: Այսպէս, հայերէն լեզուի դասապահուն, ոսկի աշնան գեղեցիկ բնութիւնը վայելելով, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները Նորսիկեան մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզին մէջ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները: Անոնք սորվեցան, զրուցեցին, ստեղծագործեցին ու լաւ ժամանակ անցուցին:
Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2023-ին, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտները հիւրընկալեցին «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Արշօ Պալեան: Ան նախ աշակերտներուն ներկայացուց պաղեստինեան դատը եւ Կազայի ներկայ իրավիճակը: Ապա արցախեան ազատագրական պայքարէն սկսելով, ան խօսեցաւ Արցախի հանդէպ տարածաշրջանի երկիրներուն վարած քաղաքականութեան, թշնամի պետութիւններու ձգտումներուն եւ Հայաստանի քաղաքականութեան մասին, ինչպէս նաեւ…
Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2023-ին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները հիւրընկալեցին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, որպէսզի իրենց խօսի հայկական բարբառներու մասին ընդհանրապէս, յատկապէս կեդրոնանալով Մուսա լերան եւ Արցախի բարբառներուն վրայ։ Զաքար Քէշիշեան անդրադարձաւ բարբառներու կարեւորութեան, ճիւղաւորումներուն, Այնճարի մէջ խօսուող բարբառներու տարբերակներուն, որոնք կապ ունին Մուսա լերան տարբեր գիւղերէ…
Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2023-ին, երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Ժանօ Քէքէճեանի հետ եւ միասնաբար զրուցեցին հետեւեալ նիւթերուն մասին. սեռականութիւնը, անոր այժմէական հասկացողութիւնը, անոր ընտելացումը մեր ընկերութեան մէջ յատկապէս եւ արեւմուտքի մէջ՝ ընդհանրապէս: Արծարծուեցաւ ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը այս հարցին նկատմամբ,…
Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր 2023-ին, Ճեմարանի մարզանքի ուսուցիչներ Սագօ Էսքիճեան եւ Արամ Աբրահամեան այցելեցին մանկապարտէզ եւ կանաչ դասարաններու փոքրիկներուն խօսեցան մարզանքի կարեւորութեան մասին: Փոքրիկները մեծ հաճոյքով հետեւեցան մարզիչներուն ցուցմունքներուն: Առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ:
Միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները ամբողջացնելով հայոց պատմութեան Հայկական Լեռնաշխարհ դասանիւթը, կազմեցին Մեծ Հայքի ամբողջական պատկերը։ Աշակերտները կատարեցին անհատական եւ խմբային աշխատանք եւ հակիրճ ներկայացուցին հայկական լեռնաշխարհի տասնհինգ նահանգներու պատմութիւնը։
Չորեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2023-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզ այցելեց Ճեմարանի շրջանաւարտ սննդագէտ Նանի Գալուստեան եւ կանաչ դասարաններու փոքրիկներուն խօսեցաւ սննդարար ուտելիքներու մասին: Յաջորդ օրը փոքրիկները այս նիւթին վերաբերող ձեռային աշխատանք պատրաստեցին:
Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարան այցելեցին Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու արուեստագէտ ուսուցիչներ եւ կրթական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեան: Անոնք հանդիպեցան նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն հետ, ներկայացուցին գեղարուեստի դպրոցներու զանազան բաժանմունքները եւ քաջալերեցին աշակերտները զարգացնելու իրենց ձիրքերը
Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2023-ին, ոստիկան Կարօն այցելեց Նորսիկեան մանկապարտէզ: Ան կապոյտ դասարաններու փոքրիկներուն ներկայացուց ոստիկանին տարազը եւ խօսեցաւ ոստիկանին պարտականութիւններուն մասին:
Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարան այցելեցին հայրենի պատմաբաններ Դոկտ. Արման Եղիազարեան, Դոկտ. Ալիկ Ղարիբեան եւ Դոկտ. Արա Յովհաննիսեան: Անոնք նախ հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, ապա պատմական տուեալներու մէջբերումներ կատարելով աւարտական դասարաններու աշակերտներուն հետ խօսեցան հայագիտութեան, սփիւռքի կարեւորութեան եւ Արցախի հայաթափման մասին: Աւարտին, անոնք պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն:
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2023-2024 տարեշրջանի վերամուտը սկսաւ 18 Սեպտեմբերին, հանգրուանային ձեւով: Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբերին, առաջին զբօսանքի աւարտին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ 2023-2024 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բարի վերամուտ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, յատկապէս տարրական…