ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ (ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ)
Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2025-ին, նախակրթարանի աշակերտները նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը։ Անոնք մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան Լիբանանի նուիրուած զարգացման մրցումի մը, որմէ ետք միասնաբար ճաշակեցին լիբանանեան ուտելիքներով պատրաստուած նախաճաշը։
