«PORTES OUVERTES»

Չորեքշաբթի, 7 Մարտ 2012-ին Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները առիթը ունեցան առաւօտեան ժամը 8։00-ին իրենց զաւակներուն հետ մտնելու դասարան եւ դիտելու զանոնք իրենց առօրեայ աշխատանքին ընթացքին։ Ծնողները ներկայացուած դասապահը դիտելէ ետք, առանձին-առանձին հանդիպում ունեցան ուսուցիչներուն հետ։ Այս հանդիպումը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դասանիւթերու մատուցման ձեւերուն։