ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2012-ին տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական Օր» մը, որուն մասնակցեցան Ճեմարանի բոլոր ուսուցիչներն ու գրասենեակային պաշտօնէութիւնը։ Օրը սկսաւ ժամը 8։00-ին, ընդհանուր ժողովով, որուն ընթացքին կատարուեցաւ արժեւորումը ցարդ կատարուած աշխատանքին եւ քննարկուեցան ուսումնական աշխատանքի կազմակերպման առնչուած ընդհանուր հարցեր։ Ընդհանուր ժողովէն ետք, կատարուեցաւ տարրական բաժինի նոր ուսուցչարանին բացումը։ Այս առիթով տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-նախաճաշ։ Կերուխումէ ետք, Ճեմարանի հինգ բաժիններու ուսուցիչները եւ վարչական պաշտօնէութիւնը առանձնաբար քննարկեցին իրենց աշխատանքի կազմակերպման վերաբերող հարցեր։ «Մանկավարժական Օր»ուան վերջին հանգրուանին, Ժամը 12։00-էն 2։30, տեղի ունեցաւ հոգեբանական աշխատանոց, որուն նիւթն էր՝ բռնութեան եւ բռնացման երեւոյթները դպրոցներու մէջ։ Աշխատանքը ղեկավարեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հոգեբանութեան բաժանմունքի վարիչ Տօքթ. Շահէ Գազարեան։ Օրը աւարտեցաւ ուրախ տրամադրութեամբ։ Բոլոր ներկաները հոգեկան բարձր գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն։ Երբ կրթական ասպարէզի մէջ գործող անձեր՝ ուսուցիչ թէ պաշտօնեայ, ձեռք-ձեռքի կու տան, կը գործակցին ու կը ձգտին լաւագոյնին, աշխատանքը կը դառնայ աւելի արդիւնաւէտ, եւ դպրոցը կը հասնի իր նպատակին։