ՓՈՔՐԻԿ ՊԱՐՏԻԶՊԱՆՆԵՐ

Մարտ ամսուան ընթացքին, մանկամսուրի փոքրիկներուն կեդրոնական նիւթն էր «պարտիզպանին գործիքները»։ Անոնք դիտեցին գործիքները եւ սորվեցան համապատասխան բառամթերքը։ Պարտիզպանին աշխատանքին վերաբերող գիտելիքները ստանալէ ետք, փոքրիկները հողը փորեցին, հունտը ցանեցին, ապա ջրեցին։ Երբ հունտը ծիլ տայ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր աշխատանքին «բերքը» տուն պիտի տանի։