ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ

Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2012-ի առաւօտեան Ճեմարանի ԺԱ. Դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի եւ ուղղավարժ Մարիա Պիլէմճեանի։ Նախքան կեդրոն մեկնիլը, Մարիա Պիլէմճեան հակիրճ ձեւով աշակերտներուն ներկայացուց թերաճներու սահմանափակ կարողութիւնները, պատճառները եւ անոնց հոգատարութեան կարեւորութիւնը։ Աշակերտները դիմաւորուեցան Զուարթնոց կեդրոնի տնօրէնուհի Արաքսի Տապպաղեանի կողմէ, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք, ներկայացուց կեդրոնի ընդհանուր պատմականը եւ հոն գտնուող տարբեր տեսակի թերաճները։ Ան յայտնեց, որ շատ կարեւոր են խնամքն ու սէրը թերաճներու կեանքի բարելաւման մէջ։ Ապա աշակերտները շրջեցան կեդրոնի բոլոր դասարանները, սկսելով թերաճներու ամէնէն ծանր դասարանէն։ Դժուար էր ընդունիլ որ իրենց տարիքի բաւական մեծ անձեր շատ տարրական բաներ կը սորվէին։ Անոնք գուրգուրանք ու սէր ցուցաբերեցին կեդրոն գտնուող բոլոր աշակերտներուն հանդէպ, միասնաբար պարեցին, երգեցին եւ ուրախացան։ Անոնց ծիծաղները իրարու խառնուելով սէր սփռեցին չորս դին։ Վերջաւորութեան աշակերտները նուիրեցին իրենց բերած նուէր հեծանիւը, որ շատ ուրախացուց բոլորը։ Վերադարձին, բոլորը լուռ էին ու մտածումներու մէջ մխրճուած… գուցէ կը մտածէին թէ քիչ մը սէր ցուցաբերելով հրաշքներ կրնան գործուիլ…։