ՃԵՄԱՐԱՆԻ «ՊԱՏԱՆԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ»ՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ (exposition des projets de science)

2012-ի Մարտ ամսուան ընթացքին, Դ., Ե., Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները գիտական խոյզեր կատարեցին, իրենց գիտութեան դասատուներուն հսկողութեամբ։ Անոնք սորվեցան, թէ ի´նչ է գիտական մեթոտը եւ թէ խուզարկող միտքը ի´նչպէս պէտք է ծրագրաւորէ իր փնտռտուքին տարբեր հանգրուանները՝ արդիւնաւէտ եւ շօշափելի փաստարկումներ գտնելու համար։ Գիտական մեթոտի զանազան հանգրուաններուն ծանօթանալով՝ աշակերտները իրենց հետախուզած նիւթին մասին որմազդներ կամ մանրատիպեր արտադրեցին։ Գիտական մտքի կազմաւորումը, մաքուր գիրը, գեղարուեստական ճաշակը եւ ձեռային աշխատանքի վարպետութիւնը իրարու ագուցելով, անոնք փորձեցին տիրապետել գիտական աշխատանքի տարբեր հանգրուաններուն, իրենց տարիքային մակարդակի հասունութեան համեմատ։ Խմբական աշխատանքով, անոնք նոյնպէս սորվեցան, թէ որքա´ն կարեւոր է համագործակցութիւնը՝ գործ մը յաջողցնելու համար։ «Պատանի գիտնականներ»ուն աշխատանքին արգասիքը կը ցուցադրուի դպրոցիս մէջ, Մարտ 27-էն սկսեալ։