Ճեմարանական Մելգոնեանցիներ
Համազգայինի Ճեմարան քոյրս կը յաճախէր, իսկ ես՝ ՀԲԸՄ-ի Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն: Զարմացողները քիչ չէին: Ոմանց համար քոյրս դաշնակցական էր, ես՝ ռամկավար, մինչ հայրս եւ մայրս՝ տարօրինակ արարածներ: Աւելի զարմանալին այն էր, որ Ս. Նշան վարժարանի իմ ընկերներէս Սարգիս Տէր Խաչատուրեանին (Շէնք Սարգիս) հետ, Մելգոնեանի մէջ դաշնակցական ճանչցուած…
