1944-ին կը սկսի լոյս տեսնել «ԱԿՕՍ» պարբերաթերթը Ա. աւարտականներէն Գառնիկ Բանեանի խմբագրութեամբ: «Ակօս»-ի շուրջ կը ստեղծուի գրական հետաքրքրութիւն եւ շարժում: «Ակօսը» շուտով պիտի ըլլար օճախ մը գրական բոլոր սեռերուն եւ հին ու նոր գրողներուն:

Լեւոն Շանթ կը յանձնէ «Հոգիները ծարաւի» վէպը,Նիկոլ Աղբալեան՝ «Հայոց Գրականութեան Պատմութեան» ներածականը, Գառնիկ Գիւզալեան՝ «Ուրարտուի Պատմութեան » նուիրուած իր մէկ գործը: Կ. Սասունի, Գ. Իփէկեան, Ե. Տարօնեան, Մ. Իշխան, Ժ. Ա. Յակոբեան աշխատակցելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն:

Շուտով կ’աւելնան նոր աշխատակիցներ՝ Յ. Օշական, Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոս, Ա. Ալպոյաճեան, Ն. Պէշիկթաշլեան, Եդ. Պոյաճեան, Հայր Ն. Ակենեան: Հետզհետէ աշխատակիցներու թիւը կը բազմանայ:

15 օգոստոս 1947-ին Ճեմարանի Տնօրէն եւ «Ակօս»-ի մնայուն աշխատակից Նիկոլ Աղբալեան յանկարծամահ կ’ըլլայ: Ծանր հարուած մը՝ հայ մշակոյթին, Ճեմարանին եւ «Ակօս»-ին համար: Բացառիկ թիւ մը կը նուիրուի Նիկոլ Աղբալեանին, ուր կը ներկայացուի քննադատ, բանասէր, գաղափարախօս, պատմագէտ եւ դասախօս Ն. Աղբալեանը

«Ակօս»ի առաջին հինգ տարիները առանձին հանգրուան մը կը կազմեն:«Ակօս»ի հրատարակութեան երկրորդ հնգամեակին նոր անուններ կ’աւելնան հին աշխատակիցներու կողքին՝ Համաստեղ, Ն. ՍարաՖեան, Վ. Ահարոնեան, Վ. Նաւասարդեան, Բ. Թաշճեան, Հայր Հ. Ոսկեան, Ս. Վրացեան, Գ. Մխիթարեան, Խ. Գաբիկեան, Շ. Նարդունի, Կ. Փոլատեան եւ ուրիշներ:

1949-ի Շրջանաւարտներու համագումարին որոշում կ’առնուի աւելի լայն տեղ տալ նոր գրողներու եւ սահմանափակել մասնագիտական գործերը: Կը կազմուի խմբագրական նոր մարմին մը՝ Օր. Շաքէ Տէր Մելքոնեանէ, Ն. Չոլաքեանէ եւ Յ. Գազանճեանէ (Գեղարդ) կազմուած:

Խմբագրական նոր կազմով կը բարելաւուի կողքը եւ ներքին էջերուն մէջ գծագրութիւններ կ’աւելնան Փօլ Կիրակոսեանի կողմէ պատրաստուած, ինչպէս նաեւ Տիրան Աճէմեանի երգիծանկարները:

Տոքթ. Եղիկ Գոնեալեանի անունով եւ իր ջանքերով «Ակօս»ը կը դառնայ պաշտօնական արտօնագիր ունեցող պարբերաթերթ: Նոր կազմի անդամներէն երկուքը պայմաններու բերմամբ կը դադրին խմբագրական աշխատանքները տանելէ եւ Յ. Գեղարդ կը մնայ առանձին իբրեւ խմբագիր գործը շարունակողը:

29 Նոյեմբեր 1951-ին կը մահանայ երկար հիւանդութենէ մը ետք Ճեմարանի երկրորդ սիւնը՝ Լ. Շանթ: «Ակօս»ի թիւ մը կը նուիրուի Լ. Շանթին: Չորս ամիս ետք Համազգայինը կը կորսնցնէ իր հիմնադիրներէն Գ. Իփէկեանը : Ան «Ակօս»ի կանոնաւոր աշխատակից էր, «Ակօս»ի թիւ մըն ալ կը նուիրուի անոր յիշատակին:

1953-ին Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Վարչութիւնը որոշում կ’առնէ «Ակօս»ը ամսագրի վերածել եւ 128 էջի տեղ 80 էջով հրատարակել: Շաքէ Տէր Մելքոնեան վերստին յանձն կ’առնէ խմբագրական աշխատանքը, օգնական ունենալով Սարգիս Զէյթլեանը եւ Գրիգոր Նգրուրեանը: Վարչական գործերը կը կատարեն Գեղարփի Տէր Մելքոնեան, յետոյ Գրիգոր Պզտիկեան եւ վերջապէս Ժիրայր Խրիմեան: Շաքէ Տէր Մելքոնեան կրկին կը դադրեցնէ խմբագրական աշխատանքը եւ զինք կը փոխարինէ Յակոբ Ժամկոչեանը, վարչական գործերը կը յանձնուի Կարպիս Գազանճեանին:
Համազգայինի 25-ամեակին եւ «Ակօս»-ի 10-ամեակին նուիրուած թիւ մը լոյս կը տեսնէ Յ. Գեղարդի խմբագրութեամբ , իբրեւ օգնական ունենալով Վարդան Գրիգորեանը:

1955-ին «Ակօս»ի Վարչական գործերը կը փոխանցուին Համազգայինի Պէյրութի գրատան եւ խմբագիր կը նշանակուի Գ. Բանեան:

Հինգ տարի եւս «Ակօս» ամսագիրը կը շարունակէ լոյս տեսնել: Նոր աշխատակիցներ՝ Հ. Տասնապետեան, Կ. Քորթեան, Ա. Տէր Խաչատուրեան, Ե. Փամպուքեան, Յ. Մանուկեան: «Ակօս» ամսագիրը կը դադրի 1960-ին:

1944-էն 1960 «Ակօս»-ը հանդիպման վայր մը կը դառնայ Հայ մշակոյթի հին եւ նոր մշակներէն շատերուն համար:

«Ակօս»ի հրատարակութեամբ Ճեմարանի Շրջ. վարչութիւնը կը ստանայ բազմաթիւ հրատարակութիւններ:

1946-47-ին հիմը կը դնէ գիշերային ընթերցասրահի դրութեան, ուր գրական հետաքրքրութիւն ունեցողներ գրական շրջանակ մը կը ստեղծեն: