ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մարտ ամսուն, ամէն տարիներու նման եւ սիրայօժար կերպով, Ամերիկեան Համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի դասախօսներէն Թամար Հաշէօլեան սեռային դաստիարակութեան տարբեր հանդիպումներ կազմակերպեց դպրոցիս 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններուն համար։ Այս հանդիպումներուն նպատակն էր՝ նախ սեռային դաստիարակութեան տարբեր երեսներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցել արբունքի ընթացքին մէջ գտնուող մեր աշակերտներուն, ապա խմբական աշխատանքներու ընդմէջէն անոնց յատուկ մտածումները եւ իրազեկութեան չափը բնորոշելով օգտակար դառնալ՝ իրենց մտահոգութիւններուն տուն տուող հարցումներուն պատասխանելով։ 8-րդ դասարանին հետ (14-15 տարեկաններ) Տիկ. Հաշէօլեան տղոց եւ աղջիկներուն հայեացքը շօշափեց՝ մեկնած իրենց կրած մարմնական եւ հոգեկան փոփոխութիւններէն։ Իսկ 9-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ (15-16 տարեկաններ), Տիկ. Հաշէօլեան կեդրոնացաւ սեռային յարաբերութիւններով փոխանցուող հիւանդութիւններու վրայ եւ անոնց առնչուող պատանիներուն մտածումներուն ու մտահոգութիւններուն վրայ։