ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՕՐ

Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2012-ին, Զ. դասարանէն 8 աշակերտներ մասնակցեցան մանուկներու իրաւունքներու օրուան առթիւ Վանայ Ձայնի կազմակերպած ուղղակի ձայնասփռումով յայտագրին։ Աշակերտները յայտագրի ընթացքին ներկայացուցին մանուկներու իրաւունքներու միջազգային պայմանագիրէն չորս նիւթերու վերաբերող իրենց շարադրած պատմութիւնները։ Անոնք ընտրած էին պայմանագիրի հետեւեալ նիւթերը. -Ծնողքի հոգատարութիւն -Կրթութիւն եւ ուսում -Ազատ ժամանակ, զբօսանք -Շահագործումէ պաշտպանութիւն Վերոյիշեալ յայտագրին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները. Արաքսիա Կուրղիկեան, Լալէ Չափարեան, Դալար Թորգոմեան, Սարինէ Ներսէս, Հրակ Պալապանեան, Ժորժ Արսլանեան, Նժդեհ Գազճեան եւ Արամ-Սեւակ Աֆարեան։