ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 30 Մարտ 2012-ին Է. դասարաններու աշակերտները իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ վերակենդանացուցին լիբանանեան ֆոլքլորը Չալեան սրահին մէջ, ուր ցուցադրուած էին աւանդական ձեռակերտ իրեր, անօթներ, հին նուագարաններ, համրիչներ ու զարդեղէն։ Պատրաստուած էր նաեւ լիբանանեան զանազան ճաշատեսակներով հարուստ սեղան մը։ Ուսուցչուհին ու աշակերտները հագած էին լիբանանցիի աւանդական տարազներ։ Աշակերտները բեմականացուցին աւանդական հարսանիք մը՝ յատուկ պարեղանակով։ Այս նախաձեռնութեամբ աշակերտները աւելի եւս ծանօթացան լիբանանեան բարքերուն, ինչպէս նաեւ ամրապնդեցին արաբերէն լեզուի բառամթերքը։