ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները շարունակեցին կաղանդի շրջանին իրենց սկսած բարեսիրական աշխատանքը, որովհետեւ զգացին որ կարիքը մեծ է ու իրենց բերած նպաստը՝ շատ օգտակար: Երրորդ անգամ ըլլալով, աշակերտական խմբակ մը ուտելիք, հագուստեղէն, խաղալիկ եւ տնային անհրաժեշտ իրեր հաւաքեց ու այցելեց ընտանիք մը, որ ընկերային եւ…
