ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԸ

Երկուշաբթի, 4 Փետրուար 2013-ին, մանկապարտէզի փոքրիկները հայրենասիրութեամբ եւ Քաջ Վարդանի զինուոր դառնալու փափաքով տոգորուած՝ տողանցեցին մանկապարտէզի բակին մէջ: Փոքրիկները իրենց գլխուն կը կրէին Քաջ Վարդանին թագերը: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ երգեցին Վարդանի ու Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած երգեր եւ պարեցին հայկական պարեր:

Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի դամբանախօսութիւնը՝ Անթուան Քեհեայեանի (ՍԸՐ) մահուան յուղարկաւորութեան

Քանի մը օր ետք, 5 Փետրուարին, ՍԸՐ-ը 91 տարեկան պիտի ըլլար։ Բազմաշերտ խառնուածքով ու եզակի նկարագրով այս մարդը ամէն բանէ առաջ ուսուցիչ էր։ Եկած Կիպրոսէն, հայերէն հազիւ իմացող, աւելի շատ թրքախօս, բայց սքանչելիօրէն բազմաթիւ լեզուներու գիտակ Պրն. Անթուանը (անգլերէնի կողքին գիտէր ֆրանսերէն եւ յունարէն), 1949-ին ինկած էր Ճեմարան,…

ԱՆԹՈՒԱՆ ՔԵՀԵԱՅԵԱՆ (ՍԸՐ)

Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին կը մահանայ վաստակաւոր կրթական մշակ Անթուան Քեհեայեան։ Ծնած է Ատանա, 5 Փետրուար 1922-ին։ Գաղթականութեան ճամբուն վրայ, անցած է զանազան քաղաքներէ եւ վերջապէս հաստատուած Կիպրոս։ Անթուան Քեհեայեան նախ կը յաճախէ Կիպրոսի Թերրա-Սանթա վարժարանը, ապա, նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիները կ՚անցընէ Կիպրոսի Ամերիկեան…

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժեն մահը ԱՆԹՈՒԱՆ ՔԵՀԵԱՅԵԱՆի (Սըր), որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2013-ին, իր բնակարանին մէջ։

«ՀԱՅ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԵՐԱԽՏԻՔԻ ՑՈՒՑԱՆԱԿ»Ի ԵՒ «ՍՈՒՐԷՆ ԵՒ ՍՈՆԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՍԵՆԵԱԿ»Ի ԲԱՑՈՒՄ

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ «Հայ ճեմարանի երախտիքի ցուցանակ»-ին եւ «Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան համակարգչային աշխատասենեակ»-ին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ: Ճեմարանի վարչական պատասխանատու փոխ տնօրէն Նորայր Նաճարեան բացուած յայտարարեց…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»

Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2012-ին, Կաղանդի ու Ամանորի նախօրեակին, Ճեմարանի Ը. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան դէպի Ժպէյլ՝ տօնական այս օրերուն կատարելու կարեւոր այցելութիւն մը, որ պիտի իմաստաւորէր Կաղանդի պատգամը։ Խանդավառութիւնը, սպասումը, հրճուանքն ու ոգեւորութիւնը ողողած էին բոլորին սրտերը։ Ամբողջ ճամբուն ընթացքին, աշակերտները կը ծիծաղէին, կը խօսակցէին ու կ՚երգէին։ Յանկարծ… Ժպէյլ…

«ՖԵՆԹԵՍԹԻՔ ՇՕ»

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Միշել Մըր» համալիրին մէջ տեղի ունեցած «Ֆենթեսթիք շօ» խումբի ներկայացումներուն՝ կախարդական խաղեր, չինական ճկունութեան ցուցադրութիւններ, պարեր, մկանային խաղարկութիւններ եւ այլ հետաքրքրական պատկերներ։ Աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց յայտագիրի կազմակերպիչ…

ԽՈՅԶԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2012-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին կենդանիներու մասին իրենց կատարած աշխատանքները ֆրանսերէն լեզուով։ Այս աշխատանքով, աշակերտները ամրապնդեցին ֆրանսերէն դասապահուն տեղեկատուական հատուածի (text informative) մասին իրենց ստացած գիտելիքները։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2012-ին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժպէյլ քաղաքը։ Անոնք ուղեցոյցի մը առաջնորդութեամբ շրջեցան բերդին մէջ եւ ծանօթացան անոր պատմութեան։ Աշակերտները այցելեցին ամփիթատրոն եւ ամրապնդեցին աշխարհագրութեան դասին վերաբերող իրենց գիտելիքները։

ԱՐՀԵՍՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2012-ին, Ը. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուցին տարբեր-տարբեր արհեստներու մասին իրենց պատրաստած խոյզերը։ Անոնք կ՚ընդգրկէին հետեւեալ արհեստները. որմնադիր, հիւանդապահ, ծաղկավաճառ, խոհարար, պարտիզպան, սպասեակ, սափրիչ եւ ելեկտրագործ։ Ակներեւ էր աշակերտներուն լրջութիւնը, իսկ գնահատելի էին բծախնդրութեամբ պատրաստուած խոյզերը։ Հետաքրքրական էր գիտելիքներուն եւ տեղեկութիւններուն պաշարը։ Խոյզերուն ներկայացումը ստեղծեց…

ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ, ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄԻՆ

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2012-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն սննդարար ուտելիքներով սեղաններ յարդարեցին։ Անոնք նախաճաշեցին ուրախ եւ առողջ մթնոլորտի մէջ։ Առողջութիւն բոլորին։