«ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ»՝ ԾՆՈՂՔ-ԱՇԱԿԵՐՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի գիտութեան դասի ծրագիրը կ’ընդգրկէ «Առողջ սննդականոն» նիւթը, որուն մատուցման համար յարմար կը նկատենք հրաւիրել սննդագէտ մը ու կազմակերպել ծնողք-աշակերտ հանդիպում-զրոյց մը:

Այս տարուան հիւր դասախօսը Արին Գասապեանն էր. 2011-ին Ճեմարանը աւարտելէ ետք, ան հետեւած է սննդագիտութեան մասնագիտութեան, ֆրանսական USJ համալսարանէն ներս: Այժմ, Ֆրանսայի մէջ, ան կը պատրաստէ իր դոկտորականը:

Աշխատանքի առաջին հանգրուանով՝ Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2018-ին, Արինը աշակերտներուն ներկայացուց սնունդի տեսակներու, խումբերու ու անոնց որակին եւ կարեւորութեան մասին հիմնական գիտելիքներ, ապա հարցաթերթիկներու միջոցաւ հաւաքագրեց աշակերտներուն հետեւած եւ նախընտրած սննդականոնի տեսակները:

Երեքշաբթի, 27 Փետրուարի առաւօտուն, Ճեմարանի «Չալեան» սրահէն ներս հաւաքուեցան Ե. դասարանի աշակերտներն ու ծնողները: Գիտութեան ուսուցչուհին ողջունեց բոլորը, ներկայացուց հանդիպումին նպատակը եւ ծանօթացուց հիւր դասախօսը, որ սպառիչ կերպով ներկայացուց պատանիներու աճման տարիքին ուտելու որակի եւ սովորութիւններուն դրական եւ բացասական հետեւանքները: Անոր տուած խորհուրդներուն հիմք ծառայած էին աշակերտին նախօրօք կատարած ընտրութիւնները:

Ան անդրադարձաւ նաեւ վերջին ժամանակաշրջանին առողջապահական միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ մատնանշուած «նստակեաց կեանք»ի վտանգաւոր հետեւանքներուն, հետեւաբար կարեւորեց մարմնամարզի դերը՝ նպաստելու պատանիին առողջ միտքի ու մարմինի կազմաւորումին:

Աշակերտներն ու ծնողները ուղղեցին իրենց հարցումները եւ ստացան համապատասխան խորհուրդներ ու բացատրութիւններ:

Զրոյցի աւարտին կատարուեցաւ առողջ ու համեղ նախաճաշի հիւրասիրութիւն: