ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, տեղի ունեցան սեռային դաստիարակութեան դասախօսութիւններ՝ միջնակարգի եւ երկրորդականի Ժ., ԺԱ.  դասարաններու աշակերտութեան:

Դասախօսը՝ Տոքթ. Ժանօ Քէչէճեան, Ճեմարանի շրջանաւարտ է, աւարտած է Լիբանանեան Համալսարանը: Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մտերմիկ մթնոլորտի մէջ առիթ տալ աշակերտներուն ազատ եւ հանգիստ արտայայտուելու եւ ստանալու գիտական, մասնագիտական պատասխաններ՝ զիրենք հետաքրքրող եւ իրենց տարիքին յատուկ սեռային, ընկերային հարցերու մասին, առանց բարդոյթի: