ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ 30-ԱՄԵԱԿ

«Աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու ապրող, բայց նոյն ազգային երազներով դաստիարակուող հայ աշակերտներ»:

Նոր տարուան մթնոլորտը կրկնակի նշանակութիւն ունեցաւ այս տարի Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտներուն համար:

Ընթացիկ տօնակատարութիւններու կողքին,  անոնք խնամքով ու սիրով նուէրներ ու բացիկներ պատրաստեցին` ուղարկելու Արցախի տարեկից ընկերներու:

Ծանօթացումը աւելի շօշափելի ու հարազատ դարձնելու համար նկարահանուեցան դպրոցն ու դպրոցին առօրեան:

Չուշացաւ մեր աշակերտներուն սպասած պատասխան-նամակը, որ կը հաղորդէր, թէ Բերձորի Վահան Թէքէեանի եւ Վահան Զատիկեանի դպրոցներու, Քաշաթաղի Վաղազին դպրոցի, Շուշիի Եղծահող դպրոցի, Մարտունիի Նոր Շէն դպրոցի աշակերտներուն յանձնուած են նուէրներ (բրդեայ գլխարկ, վզկապ, ձեռնոց…) ու բացիկներ:

Արցախի աշակերտները եւս պատրաստած էին նուէրներ` ձեռային աշխատանքներ, տնական ու հայկական ուտելիքներ, փայտի վրայ փորագրուած մեծ ժամացոյց մը եւ նամակներ, որոնք անհամբեր սպասումէ ետք հասան Ճեմարան:

Արցախի նշուած դպրոցներուն ու Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտներուն միջեւ ստեղծուած կապը ոչ միայն խանդավառութիւն ստեղծեց, այլեւ մօտեցուց աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու ապրող, բայց նոյն ազգային երազներով դաստիարակուող հայ աշակերտներ:

Կաղանդի խորհուրդն ու ուրախութիւնը տարեկից այլ մանուկներու հետ բաժնեկցելու սովորութիւնը աւանդութիւն դարձած է նախակրթարանի աշակերտներուն համար: Իսկ այս տարի այդ ուրախութիւնը արցախցի ընկերոջ մը հետ բաժնեկցելու ընտրութիւնը պատահական չէր: Արցախեան պահանջատիրութեան  մեր զօրակցութիւնը արտայայտող  ձեռնարկին ընթացքին Արցախէն ստացած մեր նուէրներն ու նամակները յանձնեցինք ու զգացինք կապի ամրապնդումը:

Այսպէս, 28 Փետրուար 2018-ին Ճեմարանի Դ., Ե., Զ. դասարաններու աշակերտները դպրոցիս մէջ նշեցին արցախեան շարժումի 30-ամեակը: Այդ առիթով հիւր դասախօս Հրակ Տէտէեանը ներկայացուց օրուան խորհուրդը, իսկ գեղարուեստական բաժինով խումբ մը աշակերտներ ելոյթ ունեցան Արցախին նուիրուած երգով, ասմունքով եւ նուագով:

Սրահին մէջ ներկայ էին նաեւ Բերձորի, Շուշիի, Քաշաթաղի եւ Մարտունիի անծանօթ, սակայն այնքա՜ն սրտակից աշակերտները` իրենց ձեռային աշխատանքներով, բացիկներով եւ նամակներով: