ԺԱ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ L.A.U ԵՒ A.U.B.

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ին երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանէն 20 աշակերտներ ներկայ գտնուեցան L.A.U.-ի «Shadowing program»-ին. իւրաքանչիւր աշակերտ իր ընտրած մասնագիտութեան համապատասխան դասանիւթերուն ներկայ եղաւ եւ «համտեսեց» հրամցուած նիւթը: Երեքշաբթի, 17 Ապրիլին դարձեալ ԺԱ. դասարանէն 21 աշակերտներ այցելեցին A.U.B., ուր ծանօթացան տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ շրջեցան զանազան բաժանմունքները:

Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի` լիբանանահայ իրականութեան մէջ աննախընթաց կառոյցի հանդիսաւոր բացում

«Ազդակ» Օրաթերթ.- Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018 յատկանշական օր մըն էր համայն լիբանանահայութեան, յատկապէս` Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար: Արդարեւ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը բացումը կատարեցին «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին, որ իր ընդարձակ տարածքով, մանկամսուրի անհրաժեշտ պայմաններով, մասնագիտացած անձնակազմով աննախընթաց է լիբանանահայ իրականութեան մէջ,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Ուրբաթ, 13 Ապրիլ 2018-ին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին Նահր Քելպի կենդանաբանական պարտէզը, ուր դիտեցին անասունները եւ ստացան իւրաքանչիւր անասունի համապատասխան բացատրութիւններ։ Անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Երեքշաբթի, 20 Մարտ 2018-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք։ Այցելութեան նպատակն էր կրօնագիտական եզրերու ծանօթացումը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Հայր Հրանդին բացատրութիւններուն եւ նոր գիտելիքներ ամբարած վերադարձան դպրոց:

ՀԱՅՐԵՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏ ԵՒ ՄԱՐԶԻՉ ԳԷՈՐԳ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հայրենի ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Գէորգ Պօղոսեան այցելեց Ճեմարան եւ հանդիպեցաւ Ժ. դասարանի աշակերտներու հետ: Տեղի ունեցաւ զրոյց մը, զոր վարեց դպրոցի ընկերային ծառայողը: Մարզիկը ըսաւ, որ որեւէ գործի մէջ ամէնէն կարեւորը կարգապահութիւնն է, միայն տաղանդը չի բաւեր, նախ՝ կարգապահութիւն եւ յարատեւ աշխատանք տաղանդին հետ զուգահեռ: Ան աւելցուց, որ…

ՊԱՏՈՒԱՍՏՆԵՐ

Ուրբաթ, 16 Մարտ 2018-ին, մանկամսուրէն մինչեւ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ստացան Polio պատուաստը: Ուրբաթ, 23 Մարտին, Զ. դասարանի աշակերտներէն ոմանք ստացան DT. MMR պատուաստները: Նոյն շաբթուան ընթացքին աշակերտները ենթարկուած էին նաեւ թոքախտի քննութեան (PPD test): Պատուաստները տրամադրուեցան եւ կատարուեցան Գարակէօզեան հաստատութեան համագործակցութեամբ, հսկողութեամբ դպրոցիս հիւանդապահուհիին:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԳՐՈՂ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՆԱԺԺԱՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ին Ճեմարան այցելեց լիբանանցի գրող Ալեքսանտր Նաժժար, որ հեղինակ է 30-է աւելի գիրքերու:  Նաժժար նախ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, ապա երկու պահ հաճելի զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտութեան հետ: Ան ներկայացուց իր կեանքի տարբեր հանգրուանները եւ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը իր…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՄԱՐԻ ՊԱԶ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2018-ին, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտները արաբերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս այցելեցին «Մարի Պազ» թանգարանը, ուր կը գտնուին Լիբանանի պատմութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած լիբանանցի թէ համաշխարհային անձնաւորութիւններու մոմէ արձանները: Ապա շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Պէյթ Ըլ Տին, ուր վայելեցին գեղեցիկ բնութիւնը եւ դիտեցին…

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները նշեցին բանաստեղծութեան միջազգային օրը, ներկայութեամբ բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանի: Ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց Լիլա Մաքտեսեան, ապա Վարագ Պալապանեան բանաստեղծին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Լոռի Եահնիեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը», իսկ Քրիստափոր Գապաքեան՝ Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս»…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2018-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը (Ժտէյտի) եւ ծանօթացան հոն ցուցադրուած ողնաւոր եւ անողն անասուններու տեղափոխուելու, պաշտպանուելու, սնուելու եւ բեղմնաւորուելու ձեւերուն: Աշակերտները դիտեցին այս նիւթով տեսերիզ մը, հետեւեցան բացատրութեան, պատասխանեցին հարցումներուն, ապա շրջեցան թանգարանին մէջ գոհացում տալով…

ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Երեքշաբթի, 20 Մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար: ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ Այնճարի քաղաքապետարանէն, ուր զիրենք դիմաւորեց քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամփոփ պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքապետարանի գործունէութիւնը, ծրագիրները եւ իրագործումները: Աշակերտները ճաշակեցին քաղաքապետարանին տրամադրած Այնճարի համեղ ծոթրինահայսը: Այցելութիւններու յաջորդ…

Հաղորդագրութիւն

Ամիս մը առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամ Ազնիւ Բարունակեանը: Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը մեծ ցաւով իմացան օրդ. Ազնիւ Բարունակեանի մահուան գոյժը: Ան երկար տարիներ պաշտօնավարած է Ճեմարանի գրադարանին մէջ եւ միշտ եղած է հանդարտաբարոյ, ժպտադէմ ու ծառայասէր. իր աշխատասիրութիւնն ու…