ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ

ԺԲ. գիտական դասարանէն Նանի Գալուստեան եւ Հայկ Աւետիս ներկայ գտնուեցան USEK-ի կազմակերպած «Open Day»-ին, որ տեղի ունեցաւ «Notre Dame De Secours» հիւանդանոցին մէջ, մասնագէտ բժիշկներու ներկայութեամբ:

Լիբանանի զանազան դպրոցներու աւարտական դասարանի աշակերտներ, որոնք ապագային պիտի մասնագիտանան բժշկութեան մէջ, ներկայ էին այդ օր: Նանին եւ Հայկը ապագայի իրենց երազներու նախաքայլը կատարեցին, երբ շրջեցան հիւանդանոցի տարբեր բաժանմունքները եւ  ծանօթացան մասնագիտական տարբեր մասերու:

Յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց: