ՄՀԵՐ ՓԵԼԹԷՔԵԱՆԻ ԵՒ ՆԱՐՕՏ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 3 Մարտ 2018-ին Պիէլի համալիրէն ներս, ներկայութեամբ Ֆրանսախօս հանրային թէ մասնաւոր դպրոցներու ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն, տեղի ունեցաւ Institut Francais du Liban-ի, Սէն Ժօզէֆ Համալսարանի եւ Ecole de traducteurs et d’Interprètes de Beyrouth-ի կողմէ կազմակերպուած «Prix lycéen de la traduction francophone 2018» մրցանակաբաշխութիւնը: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն մասնացած էին ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու 181 ուսանողներ: Կազմակերպիչները բացատրեցին, որ թարգմանական աշխատանքներու սրբագրութեան աւարտին կարելի եղած էր առանձնացնել 14 աշխատանք, որոնցմէ տասը՝ իբրեւ աւարտականներ, իսկ չորսը՝ մրցանակակիրներ: Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի անունը բարձրաձայն յայտարարուեցաւ 2 անգամ շնորհիւ մեր աշակերտներէն Նարօտ Մերտխանեանին (ԺԱ. Գիտական), որուն աշխատանքը դատական կազմին գնահատանքով մաս կը կազմէր տասը աւարտականներուն եւ Մհեր Փելթէքեանին (ԺԲ. Գիտական), որ 3-րդ հանդիսացած էր ընդհանուր դասաւորման մէջ:

Կը շնորհաւորենք Նարօտն ու Մհերը: