ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները շարունակեցին կաղանդի շրջանին իրենց սկսած բարեսիրական աշխատանքը, որովհետեւ զգացին որ կարիքը մեծ է ու իրենց բերած նպաստը՝ շատ օգտակար:

Երրորդ անգամ ըլլալով, աշակերտական խմբակ մը ուտելիք, հագուստեղէն, խաղալիկ եւ տնային անհրաժեշտ իրեր հաւաքեց ու այցելեց ընտանիք մը, որ ընկերային եւ առողջական ծանր պայմաններու մէջ կ’ապրի:

Վերադարձին, աշակերտները յուզուած արտայայտուեցան եւ փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները: