ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԸ «NOTRE DAME DE JAMHOUR» ԴՊՐՈՑԻ «GEORGES WAKIM» ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մարզական խումբերը ԼԵՎԱՄ-ի կողքին, կը մասնակցին զանազան մարզաձեւեր ընդգրկող այլ մրցաշարքերու եւս:

Այս մրցաշարքերու ծիրէն ներս, «Notre Dame De Jamhour» դպրոցի կազմակերպած Պասքեթպոլի «Georges Wakim» 2017-2018 մրցաշարքին, քանի մը շաբաթավերջերու վրայ երկարող մրցումներուն, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Elyse, Champville, Saint Joseph եւ Notre Dame De Jamhour-ի բոլոր խումբերուն, Ճեմարանի Պասքեթպոլի խումբը տիրացաւ բաժակին:

Ճեմարանի մարզիկներուն համար, յիշեալ մրցաշարքը հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր, անոնք ծանօթացան նոր խումբերու եւ նոր խաղաոճերու: