ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2018-ին, միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներս հանդիպում մը ունեցանք Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի հետ:

Էտուար Թաշճեան ընթերցեց ձեռնարկի բացման խօսքը, ապա Արամ Հանտեան ասմունքեց Մ. Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը: Տոքթ. Արմենակ խօսեցաւ հայերէն լեզուի եւ գիրք կարդալու անհրաժեշտութեան մասին ու կեդրոնացաւ «Վէրք Հայաստանի» պատմական վէպին  վրայ, որուն Քանաքեռի բարբառէն արեւմտահայերէնի փոխադրումը կատարած է ինք:

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան շրջանաւարտ է Ճեմարանի, ուր նաեւ դասաւանդած է, ապա դարձած է ատամնաբոյժ-վիրաբոյժ: Ան հեղինակն է «Ծիածան» դասագիրքերու շարքին:

Ձեռնարկի աւարտին, Լոռի Եահնիեան ասմունքեց Ե. Չարենցի «Գովք Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը:

Այս հանդիպումը աւելի եւս ոգեւորեց մեզ, ամրապնդեց մայրենի լեզուի սէրը մեր սիրտերուն մէջ եւ հայ գիրքին կարեւորութիւնը դրոշմեց մեր միտքերուն մէջ:

Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներ