ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Չորեքշաբթի, 11 Փետրուար 2026-ին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները տօնեցին իրենց սիրելի տօներէն մէկը՝ Բարեկենդանը: Անոնք ծպտուած էին՝ օգտագործելով իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող իրերը, զարդեղէնը, կերպասներն ու զգեստները: Ծպտուած էին նաեւ իրենց ընկերակցող ուսուցիչները: Տօնակատարութեան ընթացքին, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր տարազը, որմէ ետք դպրոցին կողմէ հիւրասիրուեցան մսաշոթով եւ անուշեղէններով:…
