ՄԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՊՏՈՅՏԸ ԽԱՂԱՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Նախակրթարանի Ե. դասարանի «աշխարհագրութիւն» դասանիւթին ծիրէն ներս, աշակերտները այս տարի առիթը ունեցան աւելի խորունկ ձեւով ծանօթանալու Լիբանանի աշխարհագրական կառոյցին ու հարստութեան։ Առաջին կիսամեակի աւարտին, Ե. դասարաններու աշակերտները վիճակաձգութեամբ ընտրուած լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մասին կատարեցին ինքնատիպ պրպտումներ՝ ներկայացնելով իւրաքանչիւր վայրի դիրքը, հնութիւններն ու աւանդութիւնները։ Խաւաքարտերու վրայ պատկերուած այս «երազային…
