«ԱՇԽԱՐՀ ԱՆՑՆԻ՝ ՀԱՅ ԳԱԼԻՔ ԵՍ, ՀԱ՛Յ ՂԱՐԱԲԱՂ»

« Ղարաբաղը մօրս կանչն է,
Ինձ է կանչում յոյսով տրտում,
Ղարաբաղը իմ կակաչն է,
Կարմիր, բայց սեւ ունի սրտում…»

                                         Յովհաննէս Շիրազ

Միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները Երկուշաբթի 23 եւ Երեքշաբթի 24 Փետրուար 2026-ին, հայերէնի դասապահերուն ընթացքին, պատրաստեցին «Արցախ» բնաբանով  որմազդեր, եւ բանաւոր արտայայտութիւնը զարգացնելու նպատակով իւրաքանչիւրը սիրով ներկայացուց իր աշխատանքը։

Դասարանը այդ օրերուն վերածուեցաւ գունաւոր պատկերասրահի մը, ուր թուղթին վրայ կը շնչէին լեռներ, վանքեր, դրօշներ ու յիշողութիւններ։ Ոմանք դիմեցին արհեստական բանականութեան օգնութեան, ուրիշներ՝ իրենց ձեռքերուն ջերմութեան եւ անսահման երեւակայութեան՝ պատկերելով Արցախի պատմութիւնը, մշակոյթը, արժէքները եւ խորիմաստ խորհրդանիշները։ Իւրաքանչիւր ներկայացում դարձաւ փոքրիկ պատմութիւն մը Արցախի մասին՝ լեցուն կարօտով, հպարտութեամբ եւ յոյսով։ Այս աշխատանքներուն միջոցով աշակերտները ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գիծով ու գոյնով արտայայտեցին Արցախի հանդէպ իրենց ունեցած սէրն ու զգացումները։ Վերջապէս, աշակերտները անգամ մը եւս ամրապնդեցին իրենց հաւատքն ու յոյսը, որ Արցախը ուշ կամ կանուխ պիտի միանայ Հայաստանին, անոնք իրենց ներկայացումները եզրափակեցին Յովհաննէս Շիրազի խօսքով․
«Աշխարհ անցնի՝ հայ գալիք ես, ՀԱ՛Յ Ղարաբաղ»։