ՍՈՐՎԻՆՔ ԿԱՐԵՒՈՐ ԹԻՒԵՐԸ ԱՂԷՏԻ ԵՒ ԱՐԿԱԾԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն հետ Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան զրուցեց աղէտի եւ արկածներու տարբերութեան մասին եւ բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կարելի է օգնութիւն խնդրել: Ան շեշտեց որոշ հասցէներ եւ թիւեր գիտնալու կարեւորութիւնը, ինչպէս՝ իրենց տան հասցէն բացատրել օտար լեզուով, ծնողներէն մէկուն հեռաձայնի թիւը գիտնալ, նաեւ երեք կարեւոր թիւեր՝ հրշէջ, հիւանդատար ինքնաշարժ եւ ոստիկանատուն: