ՏԱՐԲԵՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, Ճեմարանի ուղղավարժ Արազ Քալաշեան տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ իւրաքանչիւր աշակերտի տարբեր հետաքրքրութիւններուն եւ կարողութիւններուն մասին: