ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի ընկերա-հոգեբանական գրասենեակին, Շաբաթ, 17 Յունուար 2026-ի առաւօտեան, տարրական բաժինի ծնողներուն հետ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը՝ «ծնողներուն եւ իրենց զաւակներուն միջեւ որակեալ եւ շինիչ ժամանակի կարեւորութիւնը» նիւթով: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան շեշտեց դպրոց-զաւակ-ծնողք կապի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նման հանդիպումներու անհրաժեշտութիւնը: Ապա ներկայացուց դպրոցին մէջ գործող ընկերա-հոգեբանական գրասենեակներու…
