Միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները, Երեքշաբթի 23 եւ 24 Փետրուար 2026-ին, պատրաստեցին ու ներկայացուցին «Արցախ» բնաբանով խոյզեր՝ դասարանը վերածելով գիտելիքի, յիշողութեան ու զգացումներու կենդանի բեմի։
Իրենց աշխատանքներով անոնք անդրադարձան Արցախի պատմականին, պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, այսօրուան իրավիճակին, մշակոյթին՝ երգին ու պարին, պատմական կոթողներուն, խոհանոցին, աւանդութիւններուն եւ տեսարժան վայրերուն։
Աշակերտները պատկերով եւ խօսքով բացին Արցախի դռները իրենց ընկերներուն առջեւ՝ բացայայտելով հողի մը հոգին, ժողովուրդի մը կամքը եւ մշակոյթի մը անսպառ գեղեցկութիւնը։ Անոնք ամբարեցին նոր գիտելիքներ եւ ամրացուցին իրենց կապը հայրենի հողին հետ՝ իրենց սրտերուն մէջ նորոգելով յիշողութիւնը, յոյսը եւ վստահութիւնը, որ Արցախի պատմութիւնը կը շարունակուի ապրիլ՝ իրենց սերունդին ձայնով ու գործով։
