Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2026-ին, Թ. դասարանի աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն։
Կեդրոնի տնօրէնուհի՝ Նազելի Աւագեան, դիմաւորեց աշակերտներն ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչները, որմէ ետք միասնաբար շրջեցան կեդրոնին բաժանմունքներէն ներս եւ ծանօթացան իւրաքանչիւրին մասնագիտական աշխատանքին։ Ապա ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ աշակերտները ուղղուեցան դէպի «Թնճուկեան» սրահ, ուր Նազելի Աւագեան բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքեր յայտնեց անոնց, ինչպէս նաեւ ամփոփ կերպով ներկայացուց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի կամաւոր ու բարեսիրական առաքելութիւնը եւ կեդրոնի մատուցած ծառայութիւններուն նպատակը, իսկ կեդրոնի հիւանդապահուհի՝ Փաթիլ Մարսիմ, աշակերտներուն ներկայացուց առողջ ապրելակերպի եւ առողջարար սնունդի դրական կողմերը եւ շահեկան զրոյց մը ունեցաւ անոնց հետ։
Աւարտին աշակերտները այցելեցին նաեւ «Վ․Տեկիրմէնճեան-Ե․Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» խոհանոց, ուր ականատես եւ մասնակից եղան Շրջանային վարչութեան տաք ճաշ բաշխումի ծրագիրին։
Աշակերտները գոհունակ մեկնեցան կեդրոնէն եւ խոստացան իրենց ազատ ժամերուն այցելել կեդրոն եւ կամաւորաբար ծառայել ժողովուրդին։
