ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԳԱՂԹԸ, ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԵՒ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ուսումնասիրելէ եւ աւարտելէ ետք աշխարհագրութիւն դասանիւթին գաղթերու վերաբերող դասը («Un monde de migrants»), 27 Փետրուար 2026-ին միջնակարգի Ը. դասարանը հիւրընկալեց Ճեմարանի շրջանաւարտ Վարանդա Եագուպեանը։ Ան մասնագիտացած է քաղաքական գիտութեանց եւ Միջազգային ապահովութեան մէջ: Վարանդան անցնող տարիներուն իր մասնագիտական ներդրումը ունեցած է նաեւ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, աշխատելով գաղթականներու աջակցող ծրագիրներու իրականացման մարդասիրական ոլորտին մէջ:

Վարանդա Եագուպեան Ը. դասարանի աշակերտներուն դասախօսեց նիւթ ունենալով գաղթը, գաղթականներու հիմնախնդիրները եւ պարտադիր տեղահանութիւնը։ Դասախօսութիւնը ընթացաւ մտերմիկ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ՝ հարց ու պատասխանի ձեւաչափով, ինչ որ առիթ տուաւ աշակերտներուն աշխոյժ կերպով մասնակցելու զրոյցին։

Իր ներկայացման ընթացքին, Վարանդա Եագուպեան զուգահեռներ գծեց պատմական եւ արդի ցաւալի իրադարձութիւններու միջեւ՝ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն տեղի ունեցած բռնի տեղահանութեան, Արցախի վերջին բռնագաղթին, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի պատերազմի եւ Սուրիոյ տագնապի հետեւանքով յառաջացած գաղթականութեան հարցերուն։ Այս օրինակներով ան աշակերտներուն պարզեց գաղթականութեան բազմաշերտ դժուարութիւնները։ Ան յատկապէս շեշտեց մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը նման ճգնաժամային պայմաններու մէջ։

Այս հանդիպումը մեծապէս տպաւորեց աշակերտները՝ անոնց մօտ արթնցնելով գիտակից մօտեցում համամարդկային եւ ազգային հիմնախնդիրներու նկատմամբ։