Ֆրանսերէնի դասապահուն «les récits de chevaleries au moyen âge» բնաբանը ամբողջացնելէ ետք, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները անհատական աշխատանքներ կատարեցին եւ ներկայացուցին այս դարուն կամ պատմութեան մէջ իրենց նախասիրած հերոսը:
Տարբեր ձեւերով ներկայացուած այս խոյզերուն շնորհիւ աշակերտները ծանօթացան իւրաքանչիւր հերոսի յատկանիշներուն եւ իրագործումներուն:
