«ԱՐՑԱԽ, ԻՄ ՀՈՂ»

Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները «Արցախ, իմ հող» բանաստեղծութեան դասէն ետք, Հինգշաբթի 26 Փետրուար 2026-ին ներկայացուցին Արցախի նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ երգեր։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իր ձայնով ու զգացումով փոխանցեց հայրենի հողին կարօտն ու ցաւը, բայց նաեւ՝ հաւատն ու յոյսը։
 
Այս աշխատանքին ընթացքին անոնք ունկնդրեցին տարբեր բանաստեղծներու գործեր եւ ճանչցան արցախեան ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ զոհուած հերոսներու պատմութիւնները՝ լուռ յարգանքով ու խոր զգացումով։
Աշակերտները պահ մը միտքով ու հոգիով փոխադրուեցան Արցախ՝ քաջերու երկիրը, ուր լեռները կը պահեն յիշողութիւնը, հողը կը խօսի արիւնով ու սիրով, եւ երգը կը դառնայ դիմադրութիւն։
 
Այս դասը վերածուեցաւ ոչ միայն գրական հանդիպումի, այլ նաեւ՝ սրտի ու յիշողութեան ուխտի՝ Արցախի հանդէպ իրենց սէրը եւ երախտագիտութիւնը նորոգելու համար։