Երեքշաբթի, 24 Փետրուար 2026-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան տարբեր սերունդներու շրջանաւարտներու հետ՝ Նանէ, Յասմիկ եւ Շաղիկ Շահինեաններ:
Ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան նախ ներկայացուց հիւրերը, ապա ընթացք առաւ զրոյցը՝ «կարեւոր որոշումներ մեր կեանքին մէջ» նիւթով:
Զրուցավարները խօսեցան Ճեմարանի իրենց փորձառութեան մասին, շեշտելով անհրաժեշտութիւնը որոշումներ կայացնելու, ինչպէս՝ մասնագիտութիւն ընտրելու, ասպարէզ ընտրելու, եւ ամէնէն կարեւորը՝ սիրած մէկ ճիւղը ընտրելու առանց ազդուելու կողմնակի բացասական ազդակներէ: Անոնք շեշտեցին, որ պէտք է հաւատալ անձնական երազներուն եւ ճիգ չխնայել զանոնք յաջողցնելու համար կեանքի ո՛ր հանգրուանին ալ ըլլայ, չյուսահատիլ:
Տարբեր սերունդներու պատկանող ճեմարանականներու հետ այս հանդիպումը յատուկ դրոշմ մը ձգեց աւարտականներուն մէջ:
