ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՃԵԼԻ ԴԱՍԱՊԱՀ ՄԸ

Ուրբաթ, 13 Մարտ 2026-ին, Դ. դասարանի մեր սիրելի՛ ճանապարհորդները աշխարհագրական անմոռանալի արկածախնդրութիւն մը ապրեցան:
Անոնց ճամբորդութիւնը սկսաւ Չինաստանէն, ուր համտեսեցին բանջարեղէնով պատրաստուած համեղ «Chow mein»-ը: Երեւակայեցէ՛ք միաժամանակ քաղցր եւ աղի համերը: Այդ համերը վայելելէ ետք, Ուրալեան լեռնաշղթայի վրայով, կախարդական ինքնաթիռներով անոնք հասան Եւրոպա՝ Իտալիա: Այնտեղ ճաշակեցին տուրմի փոշիի բուրմունքով պատրաստուած «Tiramisu»-ն:
Այս հիասքանչ վայրերը տեսնելով՝ անոնք ծանօթացան տարբեր մշակոյթներու, տեսարժան վայրերու եւ աւանդութիւններու:
Վերջապէս, ճեմարանականները անմոռանալի յիշատակներ ամբարելէ ետք վերադարձան Լիբանան՝ Ճեմարան: