«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր Ճեմարանին» Առցանց Նուիրահաւաք
Ամբողջ աշխարհի մէջ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին «Քորոնա» ժահրը ծանր հարուած հասցուց կրթութեան մարզին. զանազան երկիրներու մէջ դպրոցները փակուեցան, եւ այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի աշակերտներուն մեծ մասին վրայ: Լիբանանի մէջ, համաճարակը եւ երկրին մէջ արդէն իսկ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական փոթորկալից իրավիճակը միասնաբար ստեղծեցին աննախընթաց տագնապ մը…
