Հաղորդագրութիւն. Ճեմարանը` 90 Տարեկան

3 Մարտ 1930-ին հիմնուած Հայ Ճեմարանը կը դառնայ 90 տարեկան:

90 տարիներէ ի վեր, Ճեմարանը կը մնայ իր հիմնադիրներուն` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի առաքելութեան հաւատարիմ կրթօճախ` հայ հանրութեան ընծայելով ընդհանուր գիտութիւններու տէր, հայ լեզուի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ Հայ դատի պահապան յանձնառու երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ:

Աշխարհասփիւռ Ճեմարանականները իրենց ներդրումը ունեցած են ու կը շարունակեն ունենալ ազգային հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ` գիտական, գրական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ զանազան բնագաւառներէն ներս:

Այսօր Ճեմարանը կը գործէ վեց բաժանմունքներով` մանկամսուր, մանկապարտէզ, տարրական, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական. Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան եւ Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր կը յաճախեն աւելի քան 600 հայ աշակերտներ:

Թէեւ ներկայ մարտահրաւէրներն ու առօրեայ դժուար պայմանները օրէ օր կը բազմանան, սակայն Ճեմարանը` պահելով իր յատուկ ոգին ու եզակի մթնոլորտը եւ միաժամանակ տէր կանգնելով աւանդականին ու քայլ պահելով այժմէականին հետ, կառչած կը մնայ մարդակերտման եւ հայակերտման իր նպատակներուն` ջամբելով բարձրորակ կրթութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն:

Ճեմարանի մեծ ընտանիքը արժանավայել ձեւով պիտի նշէ 90-րդ տարեդարձը, եւ այս առիթով նախաձեռնուած են յոբելենական շարք մը ձեռնարկներ:

90-ամեակի ձեռնարկներու մեկնարկը պիտի կատարուի դպրոցական տօնակատարութիւններով եւ յայտագիրներով, իսկ յառաջիկայ ամիսներուն Ճեմարանէն ներս թէ այլուր պիտի կազմակերպուին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ, բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսանալու համար Ճեմարանին:

Յառաջիկայ օրերուն սկիզբ կ՛առնէ նաեւ առցանց դրամահաւաքի դրութիւն մը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ նեցուկ կանգնիլ Ճեմարանին յատկապէս երկրի տնտեսական այս դժուար պայմաններուն, ինչպէս նաեւ` օժանդակել Ճեմարանի սաներու ֆոնտին ու Ճեմարանէն ներս կատարուելիք արդիականացման եւ բարեկարգման անհրաժեշտ ծրագիրներու գործադրութեան:

Եւ երթը կը շարունակուի շնորհիւ հայ դպրոցին հաւատացողներուն եւ իրենց զաւակները հայ դպրոցին դաստիարակութեան վստահած հայ ծնողներուն ու ընտանիքներուն:

Վարձքը կատա՛ր Ճեմարանի առաքելութեան հաւատացող կրթական մշակներուն, որոնք անխոնջ ու նուիրական աշխատանքով վառ պահած են ու կը պահեն Ճեմարանի ջահը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ