ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԵՒ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ ԲԱԺԻՆՆԵՐԸ ՏՕՆԵՑԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին, Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, Տարրական եւ Նախակրթարան բաժիններու աշակերտները դպրոցին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տօնեցին Բարեկենդանը: Աշակերտները տօնելու եկած էին ծպտուած, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ: «Ծիածան» մանկապատանեկան խումբին ուղորդութեամբ, անոնք մասնակցեցան զանազան խաղերու, երգեցին ու պարեցին, իսկ վերջաւորութեան ներկայացուցին իրենց մարմնաւորած կերպարը եւ դասարան առ դասարան նկարուեցան: