ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ՝ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Մանկավարժական մեթոտներու արդիականացումը եւ զանազան միջոցներով մեր աշակերտներուն հետաքրքրութիւնները զարգացնելը Ճեմարանի առաջնահերթութիւններէն են։ Առ այդ, մեր նախկին ուսուցիչներէն հանգուցեալ Գրիգոր Շահինեանի մահուան 10-ամեակին առիթով կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարով գնուեցան «թապլէթ»ներ, որպէսզի աշակերտները արդիական միջոցները օգտագործելով եւ խաղալով ամրապնդեն իրենց գիտելիքները։ Այսու մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր նուիրատուներուն,…

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈ3Ն ՄԱՐՄԻՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ճեմարան այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանը: Անոնք հանդիպեցան նախ տնօրէնութեան, ապա՝ աւարտական դասարանի աշակերտութեան հետ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ծանօթանալէ ետք Ճեմարանի առօրեային, դրուատիքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայութեան մասին՝ փոքրիկ Հայաստանի մը նմանցնելով Լիբանանը,…

ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2019-ին, Վարդագոյն դասարանի երեխաներուն ժամանումով ամբողջացաւ Մանկապարտէզի 2019-2020 ուսման տարեշրջանի վերամուտը:

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի փոքրիկները իրենց ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ նշեցին 2019-2020 ուսման տարեշրջանի վերամուտը: 

ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի աշակերտները իրենց ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ նշեցին 2019-2020 ուսման տարեշրջանի վերամուտը:

“DIGITAL ETIQUETTE”

Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2019-ին, Etiquette-ի եւ փափուկ դիւանագիտութեան մասնագէտ՝ Իրմա Վարդանեան Պալեան այցելեց Ճեմարան եւ երկրորդական բաժինի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «Digital Etiquette» նիւթը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան շահեկան այս զրոյց-դասախօսութեան։ Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Իրմա Վարդանեան Պալեանին։

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի առաջին ուսուցչական ժողովը։ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչներուն, ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 2019-2020 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ճեմարանի աշակերտութեան թիւի ընդհանուր պատկերը ներկայացնելէ ետք, ան ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած ուսուցիչները…

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2019-2020 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով. Սեպտեմբեր 12-ին Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 18-ին միջնակարգի դասարանները ամբողջացան Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն վերամուտով: 25 Սեպտեմբերը վերամուտն էր նախակրթարանի եւ տարրական բաժինի աշակերտներուն: Հինգշաբթի 26 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՌԱՖՖԻ ԵՒ ԱՆԵԼԿԱ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

14 Ապրիլ 2018-ին հանդիսաւոր կերպով բացուած Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրը արդէն իսկ տուաւ իր առաջին հունձքը` անմեղութիւն բուրող եւ տարուած աշխատանքին խօսուն մէկ պատկերը հանդիսացող նախաձեռնութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ծաղկաձորի մէջ գտնուող մանկամսուրի շրջափակին մէջ: Ներկաները ողջունեց «Ռաֆֆի…

ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Նարեկ Եպիսկոպոսի Ներկայացուցիչ Տէր Նարեկ Աւագ Քահանայ Հէճինեանի, պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու…

100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 30 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 20 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (4 շատ լաւ, 3 լաւ, 13 բաւական լաւ): Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը. ԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ. Յակոբեան Փաթիլ, Աթթարեան Ռիթա…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2018-2019 տարեշրջանի Պրէօվէի պետական քննութիւններուն Թ. դասարանի 25 աշակերտներէն 24-ը յաջողած են 9 լաւ յիշատակութեամբ: Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը. Ակոբ Օղլի Մարիա, Այնթապլեան Նանար, Պուտաքեան Լէա, Գափլանեան Մարիա (լաւ), Խաչատուրեան Լորի, Մաքտեսեան Լիլա, Սեմէրճեան Ռիթա (լաւ), Թրթռեան Ցօղիկ…