ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՌՈՒԲԷՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆԻ ՀԵՏ
Ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Ռուբէն Ալեքսանտրեանի հետ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, Ը. դասարանի աշակերտներուն Ռուբէն Ալեքսանտրեան նախ խմբական աշխատանքի մը ընդմէջէն ներկայացուց ամբողջ օրուան մը ընթացքին այդ տարիքի աշակերտին առօրեան, որ կ’ընդգրկէ…
