ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Բարեկենդանի տօնին ընդառաջ, Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2020-ին, Տիկին Սեդա Աւագեան-Մածունեան այցելեց Ճեմարան եւ Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց Բարեկենդանի խորհուրդը: Աշխատանքին առաջին մասով, աշակերտները ձեռք բերին Բարեկենդանի տօնի սովորութիւններուն եւ Մեծ Պահքի մասին տեղեկութիւններ, ուկնդրեցին աւանդական երգեր, ինչպէս նաեւ սորվեցան Բարեկենդանի խաղեր: Ապա, Տիկին Աւագեան-Մածունեան աշակերտներուն ներկայացուց Մեծ Պահքի ծիսական տիկնիկ «ակլատիզ»ը՝ բացատրելով անոր իմաստը, որմէ ետք իւրաքանչիւր աշակերտ պատրաստեց իր սեփական «ակլատիզ»ը: