Է. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ’ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ

Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առիթով, Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2020-ին, Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահուն բեմականացուցին Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» եւ Վահան Թէքէեանի «Տաղ հայերէն լեզուին» քերթուածները: Այս առիթով անդրադարձ եղաւ մայրենի լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի պահպանման կարեւորութեան: Աշակերտները իմացան, որ աշխարհիս երեսին գոյութիւն ունի աւելի քան 7000 լեզու, որոնցմէ 2400-ը անհետանալու վտանգի տակ են, եւ 14 օր անգամ մը մէկ լեզու կը մեռնի: